1:1 Պօղոս, Սիղուանոս ու Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ մեր Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով.
1:2 շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ:
1:3 Պարտական ենք ամէն ատեն Աստուծմէ շնորհակալ ըլլալ ձեզի համար, եղբայրնե՛ր, ինչպէս որ արժանավայել է. քանի որ ձեր հաւատքը շատ կ՚աճի, եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սէրը կ՚աւելնայ իրարու հանդէպ:
1:4 Ուստի մենք ալ կը պարծենանք ձեզմով Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ, ձեր համբերութեան ու հաւատքին համար՝ ձեր բոլոր հալածանքներուն եւ տառապանքներուն մէջ, որոնց կը հանդուրժէք:
1:5 Ասիկա Աստուծոյ արդար դատաստանին ապացոյցն է՝ որպէսզի դուք արժանանաք Աստուծոյ թագաւորութեան, որուն համար կը չարչարուիք ալ:
1:6 Քանի որ Աստուծոյ քով արդարութիւն է տառապանք հատուցանել ձեզ տառապեցնողներուն,
1:7 իսկ ձեզի՝ տառապանք կրողներուդ՝ անդորրութիւն մեզի հետ, երբ Տէր Յիսուս յայտնուի երկինքէն՝ իր հզօր հրեշտակներով,
1:8 բոցավառ կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ չեն ճանչնար Աստուած, ու չեն հնազանդիր մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի աւետարանին:
1:9 Անոնք պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով՝ վտարուելով Տէրոջ ներկայութենէն եւ անոր ոյժին փառքէն,
1:10 երբ ինք գայ փառաւորուելու իր սուրբերուն մէջ, ու այդ օրը սքանչացումի առարկայ ըլլալու բոլոր հաւատացեալներուն մէջ (որովհետեւ դուք հաւատացիք ձեր մէջ տրուած մեր վկայութեան):
1:11 Հետեւաբար ամէն ատեն կ՚աղօթենք ձեզի համար, որ մեր Աստուածը արժանացնէ ձեզ ձեր կոչումին, եւ զօրութեամբ իրագործէ իր բարութեան ամբողջ բարեհաճութիւնն ու հաւատքին գործը.
1:12 որպէսզի մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունը փառաւորուի ձեր մէջ, եւ դուք ալ անոր մէջ, մեր Աստուծոյն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքին համաձայն:
2:1 Կը թախանձե՛նք ձեզի, եղբայրնե՛ր, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի գալուստին եւ անոր քով մեր հաւաքուելուն մասին,
2:2 որ շուտով չսարսիք ձեր միտքին մէջ, ու չվրդովիք՝ ո՛չ հոգիով, ո՛չ խօսքով, ո՛չ ալ նամակով մը՝ իբր թէ մեզմէ գրուած, որպէս թէ Քրիստոսի օրը եկած հասած ըլլայ:
2:3 Ո՛չ մէկը թող խաբէ ձեզ որեւէ կերպով. որովհետեւ այդ օրը պիտի չգայ՝ եթէ նախ չգայ ուխտադրժումը ու չյայտնուի մեղքի մարդը, կորուստի որդին,
2:4 որ պիտի հակառակի եւ պանծացնէ ինքզինք ամէն բանէ վեր՝ որ Աստուած կը կոչուի կամ կը պաշտուի. մինչեւ անգամ պիտի բազմի Աստուծոյ տաճարին մէջ՝ ներկայացնելով ինքզինք իբր Աստուած:
2:5 Չէ՞ք յիշեր թէ երբ տակաւին ձեր քով էի, կ՚ըսէի ձեզի այս բաները:
2:6 Եւ հիմա դուք ձեզմէ գիտէք թէ ի՛նչը կը զսպէ՝ որ ինք յայտնուի իր ատենին:
2:7 Որովհետեւ անօրէնութեան խորհուրդը արդէն կը ներգործէ. բայց ա՛ն որ հիմա կը զսպէ, պիտի զսպէ՝ մինչեւ որ ինք վերցուի մէջտեղէն:
2:8 Ա՛յն ատեն պիտի յայտնուի այդ անօրէնը, որ Տէր (Յիսուս) պիտի սպառէ իր բերանին շունչով եւ պիտի ոչնչացնէ իր գալուստին փայլով:
2:9 Անօրէնը պիտի գայ Սատանային ներգործութեամբ՝ ամէն տեսակ հրաշքներով, նշաններով ու սուտ սքանչելիքներով,
2:10 եւ անիրաւութեան ամբողջ խաբէութեամբ, անոնց համար՝ որ կը կորսուին, քանի որ անոնք չընդունեցին ճշմարտութեան սէրը՝ որպէսզի փրկուին:
2:11 Այս պատճառով Աստուած ալ պիտի ղրկէ անոնց ազդեցիկ մոլորութիւն մը՝ որ հաւատան ստութեան,
2:12 որպէսզի դատապարտուին բոլոր անոնք՝ որ չհաւատացին ճշմարտութեան, հապա յօժարեցան անիրաւութեան:
2:13 Բայց մենք պարտական ենք ամէն ատեն շնորհակալ ըլլալ Աստուծմէ՝ ձեզի համար, Տէրոջմէն սիրուած եղբայրնե՛ր, քանի որ Աստուած սկիզբէն ընտրեց ձեզ փրկութեան համար՝ Հոգիին սրբացումով եւ ճշմարտութեան հաւատքով,
2:14 որուն կանչեց ձեզ մեր աւետարանով, որպէսզի տիրանաք մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի փառքին:
2:15 Ուրեմն, եղբայրնե՛ր, հաստատո՛ւն կեցէք, ու պահեցէ՛ք այն աւանդութիւնները՝ որ սորվեցաք կա՛մ խօսքով, կա՛մ մեր նամակով:
2:16 Եւ մեր Տէրը՝ նոյնինքն Յիսուս Քրիստոս, ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ սիրեց մեզ եւ տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն ու բարի յոյս՝ շնորհքով,
2:17 թող մխիթարեն ձեր սիրտերը եւ ամրացնեն ձեզ ամէն բարի խօսքի ու գործի մէջ:
3:1 Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, աղօթեցէ՛ք մեզի համար, որպէսզի Տէրոջ խօսքը արագ ընթանայ ու փառաւորուի ամէն տեղ՝ ինչպէս ձեր մէջ,
3:2 եւ մենք ազատինք վատ ու չար մարդոցմէ. որովհետեւ բոլորը հաւատք չունին:
3:3 Բայց Տէրը հաւատարիմ է. ան պիտի ամրացնէ ձեզ եւ պահէ Չարէն:
3:4 Ու մենք համոզում ունինք ձեր վրայ Տէրոջմով, թէ ինչ որ պատուիրեցինք ձեզի՝ կ՚ընէք եւ պիտի ընէք ալ:
3:5 Տէրը թող ուղղէ ձեր սիրտերը դէպի Աստուծոյ սէրն ու Քրիստոսի համբերութիւնը:
3:6 Կը պատուիրենք ձեզի, եղբայրնե՛ր, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով, որ զգուշանաք ամէն եղբօրմէ՝ որ կ՚ընթանայ անկարգութեամբ, եւ ո՛չ թէ այն աւանդութեան համաձայն՝ որ ընդունեցիք մեզմէ:
3:7 Որովհետեւ դուք ձեզմէ գիտէք թէ ի՛նչպէս պէտք է նմանիք մեզի. քանի որ մենք անկարգութեամբ չընթացանք ձեր մէջ,
3:8 ո՛չ ալ ձրի կերանք մէկուն հացը, այլ գիշեր ու ցերեկ կը գործէինք՝ աշխատանքով եւ տաժանքով, ձեզմէ ո՛չ մէկը ծանրաբեռնելու համար:
3:9 Ո՛չ թէ իրաւունք չունէինք, հապա մենք մեզ տիպար դարձուցինք ձեզի՝ որպէսզի նմանիք մեզի:
3:10 Որովհետեւ երբ ձեր քով էինք, սա՛ կը պատուիրէինք ձեզի, թէ “ա՛ն որ չ՚ուզեր գործել, հա՛ց ալ թող չուտէ”:
3:11 Արդարեւ կը լսենք թէ ձեր մէջէն ոմանք կ՚ընթանան անկարգութեամբ, բնա՛ւ չեն գործեր, հապա հետաքրքրամոլ կ՚ըլլան:
3:12 Այդպիսիներուն կը պատուիրենք ու կը յորդորենք մեր Տէրոջմով՝ Յիսուս Քրիստոսով, որ գործեն հանդարտութեամբ եւ ուտեն իրե՛նց հացը:
3:13 Իսկ դո՛ւք, եղբայրնե՛ր, մի՛ ձանձրանաք բարիք գործելէ:
3:14 Եթէ ոեւէ մէկը չհնազանդի այս նամակին մէջ մեր ըսած խօսքին, նշանակեցէ՛ք զայն ու մի՛ յարաբերիք անոր հետ, որպէսզի ամչնայ:
3:15 Բայց թշնամի մի՛ համարէք զինք, հապա խրատեցէ՛ք իբր եղբայր:
3:16 Նոյնինքն խաղաղութեան Տէրը խաղաղութիւն տայ ձեզի, ամէն ատեն եւ ամէն կերպով. Տէրը ձեր բոլորին հետ:
3:17 Ես՝ Պօղոս, ի՛մ ձեռքովս կը գրեմ այս բարեւը, որ ամէն նամակի մէջ իմ նշանս է. ես ա՛յսպէս կը գրեմ:
3:18 Մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ: Ամէն: